Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումի ծիրին մէջ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 1 Մարտին հանդիպում ունեցած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ: Հանդիպման մասնակցած են նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերու յատուկ ներկայացուցիչները:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնած են, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը եւ վերահաստատուեցաւ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորման հասնելու պատրաստակամութիւնը: Միտքեր փոխանակուած են այդ ուղղութեամբ կարելի յստակ քայլերու շուրջ:
Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ միջազգային եւ տարածաշրջանային հարցերու:
Ֆիտան Անթալիոյ միջազգային դիւանագիտական համաժողովին ընթացքին խօսեցած է նաեւ Հայաստան-Ատրպէճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մասին:
Ըստ անոր՝ Ատրպէյճան եւ Հայաստան շատ մօտ են յարաբերութիւններու կարգաւորման. անիկա տեղի կ՛ունենայ տարածաշրջանային նախաձեռնութիւններու շնորհիւ:
Ան ընդգծած է նաեւ, որ «Թուրքիա աշխոյժ եւ դրական ջանքեր կը գործադրէ բազմաթիւ հակամարտութիւններու եւ հարցերու լուծման համար»: