image

Միրզոյեան-Պայրամով հեռախօսազրոյց

Միրզոյեան-Պայրամով հեռախօսազրոյց

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ:

ԱԳՆ-էն կը յայտնեն, որ նախարարները միտքեր փոխանակած են երկու երկիրներու առաջնորդներուն մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման շուրջ:

Կողմերը համաձայնութեան եկած են սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան յանձնաժողոժի կառուցուածքին շուրջ: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է յառաջիկային սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան յանձնաժողովի վերաբերեալ հանդիպում կայացնել:

Կողմերը քննարկած են նաեւ մարդասիրական խնդիրներու լուծման, ինչպէս նաեւ խաղաղ բանակցութիւններու նախապատրաստման հետ կապուած հարցեր: