Համաշխարհային հանրութիւնը պէտք է ընդմիշտ հրաժարի միջուկային զէնքի փորձարկումներէն, սպառազինութիւններու այդ տեսակը պէտք է անցնի պատմութեան գիրկը։ Այս մասին կիրակի յայտարարած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ։
«Մեր աշխարհը բաւական երկար ժամանակ պատանդ է միջուկային զէնքի ձեռքը։ Մահուան այդ սարքերը չեն երաշխաւորեր ոչ յաղթանակ, ոչ անվտանգութիւն, ատոնք նախատեսուած են միայն աւերելու համար։ Եկէք այնպէս ընենք, որ [միջուկային զէնքի] փորձարկումներն աւարտին ընդմիշտ, եւ միջուկային զէնքը մէկընդմիշտ դարձնենք պատմութեան ձեռքբերումը»,- գրած է ան Թուիթըրի էջին։
Նշենք, որ 29 Օգոստոսին կը նշուի Միջուկային փորձարկումներու դէմ գործողութիւններու միջազգային օրը։ Այն սահմանած է ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ընդհանուր ժողովը 2009թ. դեկտեմբեր 2-ին (բանաձեւ 64/35) Ղազախստանի նախաձեռնութեամբ։ Ամսաթիւի ընտրութիւնը կապուած է 1991թ. օգոստոս 29-ին Սեմիփալաթինսքի (Ղազախստան) միջուկային փորձադաշտի՝ աշխարհի մէջ ամենամեծ փորձադաշտերէն մէկու փակման հետ։ Այս օրը ամէն տարի կը նշուի՝ 2010-էն ի վեր։