image

Իրանի եւ Ռուսիոյ համագործակցութիւնը պատմութեան մէջ երբեք այսքան սերտ չէ եղած. Արաքչի

Իրանի եւ Ռուսիոյ համագործակցութիւնը պատմութեան մէջ երբեք այսքան սերտ չէ եղած. Արաքչի

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին յայտարարած է, որ Իրանի եւ Ռուսիոյ միջեւ համագործակցութիւնն այժմ պատմականօրէն աննախադէպ սերտ է։

Անոր խօսքով՝ Թեհրանի մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հարցերու լայն շրջանակ՝ Եւրոպայէն մինչեւ Արեւմտեան Ասիա։ Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Լիբանանին, Պաղեստինին, Ուքրանիոյ եւ Եմէնին։

Արաքչին նշած է, որ բանակցութիւններու առանցքային թեմաներէն եղած են նաեւ տնտեսական եւ միջուկային համագործակցութեան ընդլայնումը։