image

Միջուկային հակամարտութիւնն անխուսափելի չէ. Դիտարկում Չինաստանէն

Միջուկային հակամարտութիւնն անխուսափելի չէ. Դիտարկում Չինաստանէն

Միջուկային հակամարտութիւնը անխուսափելի չէ, թէեւ աշխարհի մէջ կը պահպանուի լարուածութիւնը, «ՌԻԱ Նովոստի»ին ըսած է Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան զինաթափման բաժանմումքի ղեկավար Ֆու Ցոնկը:

«Իրավիճակն աշխարհի մէջ լարուած է, գոյութիւն ունին հակամարտութիւններ, բայց ես չեմ կարծեր, որ միջուկային պատերազմը անխուսափելի է, քանի որ Անվտանգութեան խորհուրդի մշտական անդամները հաւատարիմ են այն ձեւակերպման, որ միջուկային պատերազմին յաղթողներ չեն կրնար ըլլալ, եւ որ պէտք չէ այն սանձազերծուի»,-ըսած է ան։    

Ան ընդգծած է, որ այդ բանաձեւին իր հաւատարմութիւնը յայտնած է նաեւ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը։