image

Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութիւնն աւարտած է. Ռուպիօ

Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութիւնն աւարտած է. Ռուպիօ

Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութիւնն աւարտեցաւ համաձայնագիրով մը, որ երէկ ստորագրած են։ Այս մասին յունիս 3-ին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին առջեւ՝ Արտաքին գործոց նախարարութեան 2027-ի ֆինանսական տարուան պիւտճէթային յայտի քննարկման ժամանակ։

«Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութիւնն աւարտեցաւ։ Այն ոչ միայն աւարտեցաւ, այլեւ աւարտեցաւ համաձայնագիրով մը, որ ես ստորագրած եմ երէկ՝ ստեղծելով բարգաւաճման նոր երթուղի՝ TRIPP երթուղին, որ արտակարգ հնարաւորութիւններ պիտի ընձեռէ երկու երկիրներուն ալ, յատկապէս՝ Հայաստանին՝ յարգելով անոնց ինքնիշխանութիւնը, իրապէս օգտուիլ ատկէ»,-ըսած է ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարարը։

TRIPP-ը (Trump Route for International Peace and Prosperity) կամ «Թրամփի ուղին» հաղորդակցութեան հայեցակարգի նախագիծ է, որու շուրջ համաձայնութիւնը ձեռք բերուած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի նախաձեռնութեամբ 2025-ի օգոստոս 8-ին Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ ստորագրուած համատեղ հռչակագիրով: Այն կը նախատեսէ Սիւնիքի տարածքով ճանապարհի, երկաթուղիի եւ այլ ենթակառուցուածքներու կառուցում, որ Ատրպէյճանի հիմնական մասը պիտի կապէ անոր էքսկլաւ Նախիջեւանի հետ։

Յիշեցնենք, որ ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանը աւելի վաղ յայտարարած է, որ ԹՐԻՓՓ-ի վերաբերեալ ՀՀ-ԱՄՆ համաձայնագիրը ստորագրուած է: