Իսրայէլեան «Ճերուսալէմ փոսթ» թերթը զեկոյցով մը անդրադարձած է Միջին Արեւելեան երկիրներու մէջ ԱՄՆ-ի դիւանագիտական ներկայութեան «նուազում»ի խնդրին: Պարբերականը նաեւ գրած է, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանին իր առաքելութենէն հրաժարելէն ետք Լիբանան դեսպան Էլիզապէթ Ռիչարի գլխաւորութեամբն պիտի հանդիսանայ Միջին Արեւելքի մէջ միակ երկիրը, ուր պիտի գործէ ամերիկեան դեսպանութիւնը:
Թերթը նաեւ գրած է, թէ այս ընթացքով Ուաշինկըթն պիտի կորսնցնէ իր դեսպանական կազմերը եւ անոնց միջոցաւ դիւանագիտական «առաքելութիւններ» առաջ տանելու հնարաւորութիւնները:
Աղբիւրը նաեւ կը գրէ, թէ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբի վարչակազմը, արձագանգելով Յորդանանի խնդրանքին, հեռացուցած է դեսպան Ալիս Ուիլզը իր պաշտօնէն Իրանի միջուկային համաձայնագրի նկատմամբ տեղի ունեցած անհամաձայնութիւններու պատճառով, որուն փոխարինած է՝ Հէնրի Ուսթըրը:
Իր կարգին Իսրայէլի մօտ ԱՄՆ-ի նախկին դեսպան Տան Շապիրօ կը զգուշացնէ, որ Միջին Արեւելքի մէջ ԱՄՆ-ի դիւանագիտական ներկայութեան բացակայութեան հետեւանքով Միացեալ Նահանգներու շահերը մեծ վնաս պիտի կրեն:
Շապիրօ, որպէս եզրակացութիւն զգուշացուցած է Միացեալ Նահանգները նշելով, որ ԱՄՆ-ի դիւանագիտական կազմերու նուազումին կողքին մեծ աճ կը գրանցէ Ռուսաստանը, որուն ներկայութիւնը եւ «վերադարձ»ը զգալի սկսած են դառնալ յատկապէս Սուրիոյ պատերազմն մէջ անոր ներգրաւումէն ասդին: