image

Լիբանանահայ մտաւորականը Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Մերձ. Արեւելքի խորհուրդի անդամ 

Լիբանանահայ մտաւորականը Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Մերձ. Արեւելքի խորհուրդի անդամ 

Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի դասախօսներէն դոկտ. Ժան Կէօքճեան պաշտօնապէս հրաւիրուած է միանալու Միջին Արեւելքի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի 2025 թուականի Ծրագիրի մշակման խորհուրդին:

Այդպիսով, ան պաշտօնապէս եղած է Ծրագիրի մշակման խորհուրդի անդամ, որ իր աշխատանքներուն պիտի սկսի այս տարի` 22-25 նոյեմբեր 2025-ին Ուաշինկթընի մէջ կայանալիք տարեկան ժողովին նախապատրաստուելու նպատակով:

Այս խորհուրդը, որուն անդամներէն մէկը առաջին անգամ ըլլալով հայ մը կ՛ըլլայ` յանձինն դոկտ. Ժան Կէօքճեանի, տարուան ընթացքին տարբեր աշխատանքներ պիտի տանի, ժողովներ պիտի գումարէ եւ ծրագիրներ մշակէ` Միջին Արեւելքի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի 59-րդ տարեկան ժողովին գործունէութեան կազմակերպման ի խնդիր:

 

Լուրը՝ «Ազդակ»էն