Այս առումով ալ շատ կարեւոր պէտք է համարել Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի կողմէ եղած յայտարարութիւնները, ուր ան բաց թեքստով կու գար դիտարկելու, որ Արցախի հարցով դիւանագիտութեան ժամանակը արդէն աւարտած է։
Մաքրոն նկատել կու տար, որ Արցախի տագնապը հատած է ընդունելիի սահմանները եւ պէտք է արագ քայլերու դիմել ապաշրջափակելու սովի ու մահուան սեմին յայտնուած արցախցիները։
Անցնող ժամերուն ընթացքին կարեւոր զարգացումներ տեղի ունեցան Ղարաբաղեան տագնապին առընթեր։
Ինչ խօսք, որ մարդասիրական ճգնաժամը օրըստօրէ աւելիով կը սրի, բայց եւ այնպէս կայ տպաւորութիւն, որ գալիք օրերուն անչափ կարեւոր զարգացումներու ականատես պիտի դառնանք։
Ձմեռը կը մօտենայ ու եթէ իրավիճակը այս հունով շարունակուի,ապա մենք ականատես պիտի դառնանք մեծ աղէտի»,- օրերս այս տեսակէտը արտայայտեց Արցախցի վերլուծաբան՝ Վահրամ Աթաննէսեան։ Աթաննէսեան, որ տարբեր հարթակներով ելոյթներ ունեցաւ առաջ տարաւ այն միտքը, որ ներկայ փուլին Արցախի մէջ տեղի ունենալիք ցանկացած ներքին խլրտում կրնայ մէջտեղ բերել շատ աւելի ծանր իրավիճակներ, որոնց դիմաց բոլորն ալ պիտի դառնան սոսկ ցաւը կիսողներ ու լաւագոյն պարագային՝ տագնապողներ։
Խօսքը անշուշտ Արցախի նախագահի անուան շուրջ պտըտող ասեկոսներուն մասին է, ըստ որոնց Արայիկ Յարութիւնեան պիտի լքէ ու հեռանայ Արցախ աշխարհէն։
Ինչպէս Աթաննէսեան, իր նման շատ-շատեր այն տեսակէտը ունին, որ ներկայ փուլին իշխանափոխութեան ցանկացած փորձ կրնայ ամբողջութեամբ տապալել Արցախը։
Պատկերացուցէք Արցախի նախագահը հեռանայ, կամ ինչ-ինչ հանգամանքներու տակ «հեռացուի», ապա ինչ պիտի ըլլայ ճակատագիրը Արցախի Ազգային Ժողովը, որուն անդամները ըստ առկայ սահմանադրութեան կը համարուին հրաժարական տուած, իսկ Ազգային Ժողովը կը համարուի լուծարուած։
Նոյն այդ վերլուծաբաններու կարծիքով, եթէ Արցախի ներքին խմորումները Յարութիւնեանը առկայ մեծ պատկերէն հանէն, ապա այդ մէկը իրական պատրուակ մը պիտի դառնայ Ալիեւ բռնատէրին ձեռքը, որ ոչ մէկ վայրկեան պիտի կորսնցնէ ու անցի իր ձեւակերպումով «Ղարաբաղը անջատողականներէ մաքրելու ռազմական գործողութեան»։
Երբ Պաքուի կեցուածքներուն մասին կը խօսինք, ապա պէտք է հաշուի առնենք յոռեգոյնը, ոչ միայն այն պատճառով, որ Ալիեւ իր իր վարչախումբը կը շարունակեն ապրիլ թուականի պատերազէն ետք ուռճացած յաղթանակի «գինովութեամբ», այլ անոր համար, որ Միջազգային Հանրութիւնը Պաքուն պատժելու մեքանիզմներ չուզէր մշակել, այլ անոր համար որ Հարաւային Կովկասի մէջ մեծ նահանջ ապրող Ռուսաստանը իր ողջ ներուժը կը ծառայեցնէ շատ աւելի բարդ եւ ճակատագրական խնդիրներիւ լուծման։
Եթէ մենք այս բոլորը կը հասցնենք դիտարկել, ապա նաեւ պարտինք հասկնալ, որ այս բոլոր արժէչափերն ու կշիռները շատ աւելի մեծ յստակութեամբ մը կը դիտարկուին Ալիեւեան վարչամեքենային կողմէ, որուն համար այս փուլին Արցախի հարցը «իրողապէս» եւ վերջնականօրէն լուծելու օրինաչափութիւնները չունին եւ պիտի չունենան աւելի յարմար «աստեղային ժամեր»։
Ֆրանսա ... եւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդ. Եկած է քննութեան իրական ժամը
Այս բոլորէն անդին աւելի քան յստակ ու պարզ սկսած է դառնալ, որ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին առջեւ եղած քննարկումները կրնան ի վերջոյ նոր իրավիճակ մը ստեղծել, եթէ այդ բոլորը կատարուին Ռուսաստանեան կողմի համաձայնութեամբ։
Հաւաքական Արեւմուտքը, եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգները շատ բարդ եւ նոյնիսկ թշնամական կեցուածքներ ունին Ռուսաստանի հանդէպ, բայց այդ բոլորը չի խանգարեր, որ այդ երկու կողմերը առնուազն առանցք մը գտնեն իրար հետ խօսելու համար։ Ու չի բացառուիր, որ այս փուլին այդ «տիալոկ»ի առանցքը դառնայ Հարաւային Կովկասն ու աւելի յստակ՝ Ղարաբաղեան հարցը։
Եթէ ժապաւէնը ետ ետեւ տանինք մենք պիտի նկատենք, թէ ինչ «հանդարտութեամբ» Միացեալ Նահանգներու ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի արտահերթ նիստին նախագահող ներկայացուցիչը մինչեւ վերջ «լսեց» Ռուսաստանի ներկայացուցիչին դարձեալ «հանդարտ» դիտարկումները։ Այդ մէկն անշուշտ կրնայ տալ ինչ որ որոշակի յոյս, որ այս ալիքին, կամ այս տագնապին առնչութեամբ երկու հիմնական խաղացողները տեղ մը կուզեն ինչ որ համաձայնութեան նիշ մը ցոյց տալ։
Միւս կողմէ առկայ իրավիճակի յստակութեան համար շատ աւելի կարեւոր ճիգեր կ՚իրականացնեն Ֆրանսան եւ Եւրոպական Միութիւնը, որոնց հասցէական եւ թելադրական հնչեղութիւն ունեցող խօսքերը ցոյց կու տան, թէ Արցախը իր բնակչութեամչ իրողապէս յայտնուած է բաւականին դժուար եւ նոյնիսկ վտանգաւոր փուլի մը առջեւ։
Այս առումով ալ շատ կարեւոր պէտք է համարել Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի կողմէ եղած յայտարարութիւնները, ուր ան բաց թեքստով կու գար դիտարկելու, որ Արցախի հարցով դիւանագիտութեան ժամանակը արդէն աւարտած է։
Մաքրոն նկատել կու տար, որ Արցախի տագնապը հատած է ընդունելիի սահմանները եւ պէտք է արագ քայլերու դիմել ապաշրջափակելու սովի ու մահուան սեմին յայտնուած արցախցիները։
Հոս է նաեւ, որ կը ծագի մեծ հարցադրումը, որ ոչ միայն կը վերաբերի Ֆրանսայի անկեղծ եւ բարեկամական ջերմ մօտեցումներուն ուղղուած Հայաստանին ու Արցախին, այլ այն, թէ Մաքրոն իրողապէս կարող է լուրջ ճնշումներ գործադրել հասնելու համար Արցախի մարդասիրական տագնապի լուծման։
Մինչ Մաքրոն նման «բոցավառ» յայտարարութիւններ կը կատարէր «Լը Փուանթ» հեղինակաւոր պարբերականին, անդին Ֆրանսայէն լսելի կը դառնար, որ այդ երկիրը մարդասիրական բեռ պիտի ուղարկէ դէպի Արցախ եւ այդ բեռը պիտի միանայ աւելի քան ամիսէ մը ի վեր Կոռնիձորի մէջ «տեղակայուած» եւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ Արցախ առաքուած մեծ շարասիւնին։
Մաքրոն «նշան կ՚ընէ» մարդասիրական թիրախով ու բնաւ չի խօսիր, Արցախեան խնդրի կարգաւորման մասին. ան նաեւ շատ ճարտար կերպով կ՚ակնարկէ Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններուն, տեղ մը հաստատելով այնհ միտքը, որ առանց Արցախի մարդասիրական պատուհանի բացման անհնար է խօսիլ կամ նստիլ խաղաղութեան վաւերական թուղթի մը սեղանին։
Այս բոլորէն անդին Ստեփանակերտ եւս կարեւոր քայլով մը հանդէս կու գայ յայտարարելով, որ Արցախցիք պատրաստ են ուղիղ բանակցութիւններ իրականացնել Պաքուի հետ եւ այդ բանակցութիւնները պիտի ըլլան Ռուսաստանի հովանաւորութեամբ։
Ուրեմն Ֆրանսա, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդ ու ապա նաեւ Ռուսաստան. Ահա այս առանցքներով պիտի բանի Արցախի գալիք ժամանակը։
Ճիշդ է, որ տակաւին վաղ է ըսել, որ հանգուցալուծումը պիտի ըլլայ հարիւր տոկոսով ի նպաստ հայերուն եւ յատկապէս արցախցիներուն, բայց եւ այնպէս աւելի քան պարզորոշ է, որ Արցախի շուրջ ընթացք առած են խիստ գաղտնի բանակցութիւններ, որոնք սեղանին պիտի դնեն նոր լուծումներու կարեւոր ընթացակարգ մը։
Այդ լուծումներէն մին կրնայ կոչուիլ «Լաւրովեան նոր բլան», որուն մասին ալ օրերս տեղեկութիւններ տարածուեցան մամուլով մէկ։
Թերեւս ըլլան նաեւ այլ մակարդակի առաջարկներ, սակայն ամենաէակնն այն է, որ այս փուլին այդ բոլոր թուղթերը իմաստ մը կրնան ստանալ, եթէ Արցախցիք շարունակեն հաւատալ իրենց հողին ու եթէ արցախցիք շարունակեն կառչած մնան իրենց օճախին ու ջուրին։
Միայն այդ «դիմադրութեամբ» է, որ Արցախը մաս պիտի կազմէ յառաջիկայ փուլէն բխած նոր ընթացակարգերուն, որոնք նաեւ պիտի ստանան Միջազգային հանրութեան «կանաչ լոյս»ը։
90-ականներու կէսերէն ի վեր հայ ժողովուրդը ցնծութեամբ նմած է Արցախի անկախութեան տօները ( 2 Սեպտեմբեր ) առանց մտածելու, որ իրօք Միջազգային ընտանիքը ինչ կը խորհի Արցախի այս կացութեան մասին։
Հիմա իրերը շրջուած են ու կարեւոր է անշուշտ, որ հայ ժողովուրդը սկսած է տեսնել, ու դիտարկել, որ Արցախի տագնապի լուծումը միայն կենացներու եւ անցեալի յաղթանակներու շղարշներով չի լուծուիր։
Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս