Լիբանանի հայկական միակ աւան հանդիսացող Այնճար գիւղին եւ անոր բնակչութեան կարեւոր նեցուկ ցուցաբերելու միտուած «Միասին Այնճարի համար» բարեսիրական ծրագիրը կը շարունակուի։
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ «Մուսալեռ-Այնճար» դիմատետրեան էջէն։
Կը նշուի նաեւ, որ նշեալ նախաձեռնութեան ներկայացուցչութիւն մը օրերս այցելած է Այնճար եւ հանդիպում ունեցած հայկական գիւղի պատասխանատու մարմնին հետ։
Ստորեւ այդ մասին ներկայացուցած հակիրճ լրատւութիւնը՝
Այնճարի «Ս.Զէյթլեան» կեդրոնին մէջ,հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին եւ «Միասին Այնճարի համար» գործող խումբի ներկայացուցիչներէն՝ տիկ.Սեւան Աբրահամեան-Սարգունիին միջեւ։ Հանդիպումը խորհրդակցական բնոյթ ունէր ։Քննարկուեցան վերջին տարիներուն Այնճարի ի նպաստ տարուած աշխատանքները եւ ապագայի հեռանկարները։Կոմիտէն բարձր գնահատեց տարուած աշխատանքը, որուն արդիւնքով Այնճարի հայութեան կենցաղային դժուարութիւնները կը մեղմանան։