image

Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը զինուած ուժերը բարձր պատրաստուածութեան վիճակի բերած են՝ Իրանի հնարաւոր յարձակման լոյսին տակ. The New York Times

Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը զինուած ուժերը բարձր պատրաստուածութեան վիճակի բերած են՝ Իրանի հնարաւոր յարձակման լոյսին տակ. The New York Times

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը իրենց զինուած ուժերը բարձր պատրաստուածութեան վիճակի բերած են Իրանի կողմէ հնարաւոր յարձակման մասին հաղորդագրութիւններու ֆոնին: Այդ մասին գրած է The New York Times-ը՝ վկայակոչելով իր աղբիւրները:

Նշուած է, որ իրանցի երկու պաշտօնատար անձի խօսքով՝ մարտական բարձր պատրաստականութեան վիճակի բերուած են նաեւ Իրանի զինուած ուժերը:

Աւելի վաղ CBS News հեռատեսիլային ալիքը յայտնած էր, որ Իրան կը նախատեսէ առաջիկայ օրերուն զանգուածային յարձակում իրականացնել Իսրայէլի վրայ՝ ի պատասխան Սուրիոյ մէջ Իսլամական Հանրապետութեան հիւպատոսութեան ռմբակոծութեան: