Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանն Ատրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատովին կոչ ըրած է ձեռնպահ մնալու «Զանգեզուրի միջանցք» եզրոյթի օգտագործումէն։ Փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը հեռավար կարգով մասնակցած է Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) պետութիւններու կառավարութիւններու ղեկավարներու հերթական նիստին: Այս մասին յայտնած են Կառավարութենէն։
«Այս առումով կը ցանկանայի նշել, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը յանձնառու է տարածաշրջանային փոխկապակցուածութեան օրակարգին», – նշած է փոխվարչապետը։
Գրիգորեանը շեշտած է, որ երկիրներու միջեւ ստորագրուած բարձր մակարդակի փաստաթուղթերու համաձայն ապաշրջափակման պարունակին մէջ պէտք է օգտագործել «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» սահմանումը։
Հայաստանի փոխվարչապետն իր ելոյթին մէջ նշած է, որ այս տարուան առաջին կիսամեակին Հայաստանի եւ Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) երկիրներու միջեւ առեւտրաշրջանառութիւնը կազմած է շուրջ 4 միլիառ տոլար՝ արձանագրելով, որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ ցուցանիշերը քիչ մը նուազած են, եւ այս պարունակին մէջ ընդգծած է համագործակցութեան ամրապնդման, տնտեսութիւններու արդիականացման եւ նորարարութիւններու ներդրմանն ուղղուած գործողութիւններու ծրագրի ժամանակին ընդունման անհրաժեշտութիւնը եւ կարեւորութիւնը։
Փոխվարչապետն իր ելոյթին մէջ նշած է նաեւ, որ կայուն եւ համապարփակ տնտեսական զարգացումն անհնար է առանց ժամանակակից ենթակառուցուածքներու ստեղծման եւ արդիւնաւէտ փոխադրային ու հաղորդակցութեան լոճիսթիքայի հաստատման։
Ելոյթի աւարտին Մհեր Գրիգորեանը յայտնած է հայկական կողմի պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան շրջածիրէն ներս կառուցողական գործընկերութեան հետագայ ամրապնդումը՝ խոստումնալից եւ փոխշահաւէտ նախագիծերու իրականացման նպատակով։