image

Մեծն Բրիտանիոյ նորընտիր վարչապետուհի Լիզ Թրաս Քիէւ պիտի այցելէ

Մեծն Բրիտանիոյ նորընտիր վարչապետուհի Լիզ Թրաս Քիէւ պիտի այցելէ

Մեծ Բրիտանիոյ նոր վարչապետ Լիզ Թրասն ընդունած է Ուքրանիա այցելելու նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հրաւէրը։ Վարչապետի պաշտօնին Ուքրանիոյ առաջնորդի հետ իր առաջին զրոյցին Թրաս հաստատած է Միացեալ Թագաւորութեան «անսասան աջակցութիւնն Ուքրանիոյ մէջ ազատութեանն ու ժողովրդավարութեան»:

Վարչապետն ըսած է, որ անհամբեր կը սպասէ նախագահի հետ յառաջիկայ շաբաթներուն եւ ամիսներուն աշխատելուն, եւ ուրախ է ընդունիլ շուտով Ուքրանիա այցելելու նախագահ Զելենսքիի հրաւէրը։

Նշենք, որ Թրաս Քիեւ այցելած էր այս տարուան փետրուարին, երբ արտաքին գործոց նախարար էր։