image

Մեծ Բրիտանիան պիտի շարունակէ արգելափակուած պահել Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին զէնք վաճառելու կարելիութիւնը

Մեծ Բրիտանիան պիտի շարունակէ արգելափակուած պահել Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին զէնք վաճառելու կարելիութիւնը

Մեծ Բրիտանիոյ Արտաքին գործերու եւ միջազգային զարգացման հարցերու նախարարութիւնը եւ Արտահանումերու վերահսկման միացեալ վարչութիւնը թարմացուցած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նկատմամբ կիրառուող զէնքի «ամպարկօ»ի վերաբերեալ իրենց ուղեցոյցը:

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ փոփոխութեամբ յստակեցուած է հետեւեալը.

«Ռազմական սարքաւորումներու ցանկին մէջ ներառուած ապրանքներու մատակարարումն այլ վերջնական օգտագործողներուն, ինչպիսին են մարդասիրական, խաղաղապահ, հետազօտական կամ լրատուական կազմակերպութիւնները, չեն համարուիր «ամպարկօ»ի ենթակայ, եթէ չկայ որեւէ պետութեան զինուած ուժերու, ոստիկանութեան կամ անվտանգութեան ուժերու նկատմամբ ներթափանցման յստակ վտանգ»։

1992 թուականի փետրուարին ԵԱՀԿ-ը բոլոր մասնակից երկիրներէն պահանջած էր «ամպարկօ» սահմանել «Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մարտական գործողութիւն իրականացնող ուժերուն զէնքի եւ զինամթերքի բոլոր մատակարարումներու վրայ»։ Այս «ամպարկօ» դեռ կը գործէ։

2014 թուականի 2 յուլիսին Միացեալ Թագաւորութիւնը յստակեցուցած էր, որ զէնքի «ամպարկօ» կը տարածուի Միացեալ Թագաւորութեան ռազմական ցուցակի (որ կը հանդիսանայ Միացեալ Թագաւորութեան արտահանման ռազմավարական հսկողութեան ցուցակներու մէկ մասը) բոլոր ապրանքներու եւ տարրերու արտահանման, մատակարարման կամ առաքման վրայ, որոնք կրնան օգտագործուիլ Լեռնային Ղարաբաղի շրջանին կամ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ցամաքային սահմանին: