Ֆրանսայի Զինուած ուժերու նախարար Սեպասթիէն Լըքորնիւն Ծերակոյտէն ներս 2024 թուականի պաշտպանական պիւտճէի քննարկման ժամանակ ըսած է, որ այս շաբաթ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հետ վերջնական տեսքի պիտի բերուին համագործակցութեան եզրերը եւ յստակ միջոցառումները, գրած է «Հետք»-ը։
Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու, պաշտպանութեան եւ զինուած ուժերու յանձնաժողովի նախագահ Սետրիք Փերինը նիստի բացման խօսքին մէջ միջազգային հրատապ խնդիրներու շարքին նշած է նաեւ Հայաստանի վրայ կախուած սպառնալիքը։
Ի պատասխան՝ Լըքորնիւն ըսած է, որ սերտօրէն կը հետեւին Հայաստանի շուրջ ընթացող գործընթացներուն, փոխվստահութեան մթնոլորտ կայ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան հետ։ Ան յիշեցուցած է, որ Ֆրանսան պաշտպանական առաքելութիւն բացած է Հայաստանի մէջ, եւ նշանակուած ռազմական կցորդի վրայ տեղեկատուական գրոհներէն ինքը կ'եզրակացնէ, որ այդ ամէնն արդիւնաւէտ է։
«Պետութեան ղեկավարը (նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը-խմբ.) յստակ սահմանած է, որ մեր օրակարգը պաշտպանական զինատեսակներու վաճառքն է, քանի որ ատոր շուրջ են Հայաստանի հետ մեր քննարկումները։ Ես աւելին չեմ ըսեր, թէ ինչ զէնքերու մասին է խօսքը՝ ճնշումներէն խուսափելու համար, որ այս ամէնը հնարաւոր ըլլայ իրագործել, բայց որոշ զինատեսակներ կրնան ըլլալ խիստ պաշտպանական եւ առաջին հերթին ծառայել կեանքերու պաշտպանութեան եւ Հայաստանի անվտանգութեան ապահովման»,- շարունակած է Լըքորնիւն:
Ան ծերակուտականներուն տեղեկացուցած է, որ յաջորդ շաբաթ (քննարկումը տեղի ունեցած է 11 հոկտեմբերին) կապի մէջ պիտի ըլլայ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի հետ՝ յստակ միջոցառումները վերջնական տեսքի բերելու համար։
«Դուք կը տեսնէք, որ Ֆրանսան հաւատարիմ է Հայաստանին, ես անձամբ շատ ներգրաւուած եմ եւ ազդուած այն ամէնէն, որ տեղի կ'ունենայ եւ կը կարծեմ, որ սա նաեւ Ֆրանսայի շահն է»,- եզրափակած է Ֆրանսայի զինուած ուժերու նախարարը։