image

Մեղադրանք մոսկուաբնակ Արամ Պետրոսեանին դէմ

Մեղադրանք մոսկուաբնակ Արամ Պետրոսեանին դէմ

Քննիչները մեղադրանք ներկայացուցած են Մոսկուայի կեդրոնին մէջ «Սիթիպանք»-ի մասնաճիւղին մէջ վերջին օրերուն պատանդներ վերցուցած Արամ Պետրոսեանին: Այդ մասին РИА Новости-ին յայտնած է Ռուսաստանի քննչական կոմիտէի մայրաքաղաքային բաժնի ղեկավարի աւագ օգնական Եուլիա Իւանովան։

Մեղադրանքը ներկայացուած է ՌԴ քրէական օրէնսգիրքի 206 յօդուածի երկրորդ մասով, այն է՝ որպէս զէնք առարկայի օգտագործմամբ երկու եւ աւելի մարդոց պատանդ վերցնելը: Կը նշուի, որ այդ արարքը կը պատժուի 6-էն մինչեւ 15 տարի ազատազրկմամբ:

Յիշեցնենք, որ սնանկացած գործարար Արամ Պետրոսեանը չորեքշաբթի երեկոյան 4 հոգի պատանդ վերցուցած է Մոսկուայի կեդրոնը գտնուող «Սիթիպանք»-ի մասնաճիւղին մէջ եւ սպառնացած է պայթեցնել շէնքը: Աւելի ուշ, սակայն, տղամարդը ազատ արձակած է պատանդներուն եւ յանձնուած է իրաւապահներուն: Առարկան, որ ան ներկայացուցած էր որպէս ռումբ՝ կեղծ եղած է:

Աւելի շուտ հաղորդուած էր, որ Արամ Պետրոսեանը յանցագործութեան  դիմած է դրամատան ունեցած պարտքերը վճարել չկարենալուն պատճառով: