image

Սերժ Սարգսեանին մեղադրանք ներկայացուած է խոշոր չափերով կաշառք ստանալու համար

Սերժ Սարգսեանին մեղադրանք ներկայացուած է խոշոր չափերով կաշառք ստանալու համար

Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանին մեղադրանք ներկայացուած է առանձնապէս խոշոր չափերով կաշառք ստանալու եւ օրէնքով սահմանուած արգելքին հակառակ՝ ձեռնարկատիրական գործունէութեան ապօրինի մասնակցելու համար: Քրէական վարոյթով նախաքննութիւնն աւարտած է, եւ վարոյթի նիւթերը մեղադրական եզրակացութեամբ ուղարկուած են հակափտածութեան դատարան: Այդ մասին յայտնած են «հակակոռուպցիոն կոմիտէ»էն։

Ըստ կոմիտէի հաղորդագրութեան՝ Սերժ Սարգսեանը, 2000-2018-ին զբաղցնելով Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի, վարչապետի եւ նախագահի պաշտօնները, օրէնքով արգիլուած պայմաններու մէջ մասնակցած է ձեռնարկատիրական գործունէութեան, այդ շարքին՝ մասնակցած է կուպրի (ասֆալթ) արտադրութեամբ զբաղող ընկերութեան հիմնադրման:

Նախաքննական տուեալներով, Սերժ Սարգսեանի վստահուած անձի՝ Մ.Բ.-ի միջոցով գործող ընկերութիւնը 2006-ին օտարերկրեայ ներդրող կազմակերպութիւններու հետ համատեղ հիմնած է նոր ընկերութիւն, որու բաժնեմասերու կէսը գրանցուած է Մ.Բ.-ին պատկանող ընկերութեան անունով, իսկ մնացածը՝ ռուսական ընկերութիւններու: Հետագային Մ.Բ.-ն իր ընկերութեան բաժնեմասի մէկ մասը, Սերժ Սարգսեանի պահանջով, փոխանցած է անոր մերձաւորներուն պատկանող ընկերութեան:

Ըստ հաղորդագրութեան՝ ընկերութեան գործունէութեան ձախողումէն ետք, ռուսական ներդրումները վերադարձնելու նպատակով Մ.Բ.-ն դիմած է դրամատնային վարկի՝ 14 միլիոն տոլարի չափով, իսկ ատկէ ետք ընկերութեան աւանդները փոխանցուած են նորաստեղծ ընկերութեան՝ հետագային Սերժ Սարգսեանի դստեր ամուսինին հետ կապ ունեցող ընկերութեան կողմէ ձեռքբերման նպատակով:

Կը հաղորդուի, որ 2015-ին Սերժ Սարգսեանի շրջապատի հետ կապ ունեցող ընկերութիւնը գնած է նորաստեղծ ընկերութեան բաժնեմասերը 40 միլիոն տոլարով՝ փաստացի վերահսկողութիւն ստանալով Հայաստանի մէջ պենզինային վառելիք ներկրելու շուկայի մէջ:

Հետագային, ըստ հաղորդագրութեան, Սերժ Սարգսեանը պահանջած է որպէս կաշառք նախապէս փոխանցուած բաժնեմասի դիմաց տալ 6 միլիոն տոլար, որ փոխանցուած է կեղծ փոխառութեան պայմանագրի հիման վրայ: