Ռազմական գործողութիւններու ընթացքին զոհուած եւ մինչ օրս անհետ կորսուած համարուող զինուորներու եւ քաղաքացիական անձերու աճիւններու որոնողական աշխատանքներ իրականացուցած են Արցախի հիւսիսարեւելեան թեւին մէջ՝ Մատաղիսի ուղղութեամբ:
Յայտնաբերուած է եւս 1 աճիւն: Անոր ինքնութիւնը կը հաստատուի դատաբժշկական փորձաքննութենէ յետոյ:
Այսպիսով, Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած Արցախի տարածքներուն մէջ իրականացուած որոնողական աշխատանքներու եւ ատրպէյճանական կողմի հետ դիերու փոխանակման հետեւանքով մինչ օրս տարհանուած է ընդհանուր 1701 աճիւն: