image

Քեարամեանին 7 օր տուած ենք՝ Փաշինեանը հարցաքննութեան կանչելու համար․ Զոհուածի հայր

Քեարամեանին 7 օր տուած ենք՝ Փաշինեանը հարցաքննութեան կանչելու համար․ Զոհուածի հայր

44-օրեայ պատերազմին զոհուած զինուորներու մօտ 40 ծնողք, որոնք կը պահանջեն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը որպէս մեղադրեալ ներգրաւել պետական դաւաճանութեան գործով, Մայիսի 20-ին Քննչական կոմիտէին հրաւէրով հանդիպում ունեցած են կոմիտէի նախագահ Արգիշտի Քեարամեանի հետ: Հանդիպումը լարուած անցած ր, քանի որ ծնողները Քեարամեանէն պահանջած են հարցաքննութեան կանչել Նիկոլ Փաշինեանը:

«Ինքը դրան վատ արձագանգեց, մենք էլ եօթը օր ժամանակ տուեցինք իրեն` Նիկոլ Փաշինեանին հարցաքննութեան կանչելու համար: Եթէ չկատարուեց մեր պահանջը, մենք կը հրապարակենք հանդիպման մանրամասները: Սա է մեր պայմանն է, որը մենք կը պահպանենք, որովհետեւ բարոյականութիւն ունենք` ի տարբերութիւն շատերի», նշեց զոհուած զինուոր Արման Ազատեանի հայրը` Վիգէն Ազատեանը: