Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած օդային հարուածի հետեւանքով ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժերու (ՅՈՒՆԻՖԻԼ) մալեզիական գումարտակի երկու անդամներ թեթեւ վիրաւորուած են։ Անոնք կը գտնուէին Թիպնինի մօտ ՄԱԿ-ի ռազմակայանէն արեւմուտք շարժող լոճիսթիք շարասիւնին մէջ, երբ իրենց ինքնաշարժի ապակիները վնասուած են։
Երկու խաղաղապահներն ալ բժշկական քննութիւն անցած են եւ կայուն վիճակի մէջ կը գտնուին։ Դէպքէն վնասուած են նաեւ ՄԱԿ-ի երկու ինքնաշարժներ։
Մալեզիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ պիտի շարունակէ հետեւիլ զարգացումներուն՝ խաղաղապահ առաքելութեան անվտանգ ընթացքն ապահովելու նպատակով։ ՄԱԿ-ի խօսնակ Սթեֆան Տիւժարիք յայտնած է, որ ՅՈՒՆԻՖԻԼ-ը պիտի հետաքննէ միջադէպը։
Միեւնոյն ժամանակ, «Հըզպալլա»-ն յայտարարած է, որ հարաւային Լիբանանի օդային տարածքին մէջ «երկիր-օդ» հրթիռով խոցած է իսրայելական բանակին պատկանող «Hermes 450-Zik» անօդաչու թռչող սարք, ինչպէս նաեւ թիրախաւորած է հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայելական ուժերու հաւաքատեղիներ։