image

Մարտունեցի քաղաքացին մոլորած եւ յայտնուած է ատրպէյճանցիներու ձեռքը

Մարտունեցի քաղաքացին մոլորած եւ յայտնուած է ատրպէյճանցիներու ձեռքը

ԱՀ ԱԱԾ-էն կը յայտնեն, որ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը միջոցներ կը ձեռնարկէ մոլորուելու հետեւանքով Ատրպէյճանի զինուած ուժերու վերահսկողութեան տակ յայտնուած արցախցին վերադարձնելու ուղղութեամբ:

Այսօր, ժամը 13։00-ի սահմաններուն, ԱՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան հաղորդուած էր Մարտունիի շրջանի Ճարտար քաղաքի՝ 1956-ի ծնունդ Ս.Ս.-ի անյայտ կորսուելուն մասին: Ահազանգի հիման վրայ ձեռնարկուած միջոցառումներուն հետեւանքով պարզուած է, որ յիշեալ քաղաքացին մոլորուելով յայտնուած է Ատրպէյճանի Հանրապետութեան զինուած ուժերի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքին մէջ եւ վերջիններուս կողմէ վերցուած է արգելանքի:

Դէպքին մասին անմիջապես հաղորդուած է ռուս խաղաղապահներուն: Այս պահուն բանակցութիւններ կ'ընթանան Ս.Ս.-ն հայկական կողմին վերադարձնելու ուղղութեամբ: