ԱՄՆ-ի Թեքսաս նահանգի Օսթըն քաղաքի դաշնային դատարանը Հայաստանի քաղաքացի Կամօ Կիրակոսեանը դատապարտած է 2 տարի 2 ամիս ազատազրկման՝ Ռուսիոյ դէմ ամերիկեան պատժամիջոցները շրջանցելու եւ ԱՄՆ-էն ռուսական ընկերութեան սարքաւորումներ մատակարարելու գործով։
ԱՄՆ-ի Արդարադատութեան նախարարութեան տուեալներով՝ Կիրակոսեան 2022 թուականի Փետրուարէն մինչեւ 2024 թուականի Օգոստոս հանդէս եկած է որպէս միջնորդ գնորդ՝ ամերիկեան արտադրութեան, այդ շարքին՝ կիսահաղորդիչներու արտադրութեան համար կիրառելի բաղադրիչներ ձեռք բերելով եւ զանոնք վերավաճառելով ռուսական կողմին։
Կիրակոսեան ամերիկեան ընկերութիւններուն ներկայացած է որպէս Հայաստանէն գործող գնորդ՝ թաքցնելով ապրանքներու վերջնական ստացողները։ Գործի նիւթերուն համաձայն՝ ան համագործակցած է ռուսական «Վակուում.ռու» ընկերութեան հետ։
2026 թուականի Ապրիլին Կիրակոսեան ընդունած էր իր մեղքը՝ դաշնային օրէնսդրութիւնը խախտելու նպատակով դաւադրութեան մէկ դէպքով։
Ան ձերբակալուած էր Գերմանիոյ մէջ 2024 թուականին եւ 2025 թուականի Օգոստոսին արտայանձնուած էր ԱՄՆ-ին։ ԱՄՆ-ի իշխանութիւններու տուեալներով՝ վերջին չորս տարիներու ընթացքին ասիկա առաջին դէպքն է, երբ Հայաստանի քաղաքացին ԱՄՆ-ի մէջ կը դատապարտուի Ռուսիոյ դէմ սահմանուած պատժամիջոցները շրջանցելու համար։