image

Մարտուն Սիմոնեանի «Գոռը» վիպակի շնորհահանդէսը Երեւանի մէջ

Մարտուն Սիմոնեանի «Գոռը» վիպակի շնորհահանդէսը Երեւանի մէջ

Օրերս Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանէն ներս տեղի ունեցած է Մարտուն Սիմոնեանի «Գոռը» վիպակի շնորհահանդէսը։ Բացման խօսքով հանդէս եկած է թանգարանի նորանշանակ տնօրէն, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Վահագն Սարգսեան։

Վիպակին, որպէս գեղարուեստական ստեղծագործութիւն, անդրադարձած են վիպակի առաջաբանի հեղինակ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, բանաստեղծ Ներսէս Աթաբեկեան, Երեւանի թատրոնի եւ շարժանկարի պետական հիմնարկի դասախօս, արուեստագիտութեան թեկնածու, դոցենտ Գոռ Վանեան, բեմադրիչ, հրապարակախօս՝ Եղիշէ Խերանեան։ Վիպակէն հատուածներ ընթերցած է Աբովեանի դրամատիկական թատրոնի դերասան Աւետիք Կալամդարեան։

Երաժշտական կատարումներով հանդէս եկած են ՀՀ Նախագահի մրցանակակիր, միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր՝ Անդրանիկ Մալխասեան, դաշնակահար՝ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի (ԵՊԿ) դասախօս, փրոֆեսոր՝ Մարգարիտ Սարգսեան, ինչպէս նաեւ «Արս լունգա» տուէթը՝ թաւջութակահար, ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ, ԵՊԿ դոցենտ Արամ Թալալեան, դաշնակահար՝ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան Նարեկացիի մետալակիր, ԵՊԿ դասախօս Ճուլիեթա Վարդանեան։

Վիպակի շնորհահանդէսին ներկայ էին տարբեր ոլորտներէ ներկայացուցիչներ։