Օրերս, Ֆրանսայի Փրովանս-Ալփ-Գոթ տ’Ազիւր շրջանէն Հայաստանի՝ Լոռիի եւ Տաւուշի մարզերու 2024-ի ջրհեղեղէն տուժած բնակչութեան նուիրուած է 60.000 եւրոյի մարդասիրական օժանդակութիւն ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։
Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝
Ապրիլ 22-ին, Փրովանս-Ալփ-Գոթ տ’Ազիւր շրջանի նախագահ Ռընօ Միւզըլիէի, Հայաստանի աւագ հիւպատոս Արա Մկրտչեանի, Ֆրանսայի Հարաւային շրջանի Հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF Sud) համանախագահներուն ներկայութեան՝ ճամբայ ելած են Հայաստանի՝ Լոռիի եւ Տաւուշի մարզերու 2024-ի ջրհեղեղէն տուժած բնակչութեան նուիրուած մարդասիրական օժանդակութեան բեռնակառքերը։
Սոյն տարածքներուն մէջ մարդասիրական կարիքները մեծ են, յատկապէս դժուար հասանելի գիւղական շրջաններու բնակիչներունը:
Փրովանս-Ալփ-Գոթ տ’Ազիւր շրջանը այս նպատակին յատկացուցած է 60.000 եւրօ, իսկ բեռնակառքերու ծովային փոխադրութիւնը անվճար կ՚ապահովէ CMA CGM հիմնադրամը։