Տաւուշի մարզին մէջ ինքնաշարժի խոշոր արկած տեղի ունեցած է, կայ 10 վիրաւոր, որմէ 4–ը` երեխայ: Տեղեկութիւնը յայտնած է shamshyan.com։
Կայքի տեղեկութիւններով` արկածը տեղի ունեցած է շաբաթ օր ժամը 16:30–ի սահմաններուն։ Երեւան–Սեւան–Իջեւան ճամբուն վրայ՝ Դիլիջանի փակուղիի հարեւանութեամբ, բախուած են «Toyota Land Cruiser» եւ «Hyundai X35» մակնիշի ինքնաշարժները:
10 տուժածները տարբեր աստիճանի մարմնական վնասուածքներով փոխադրուած են Դիլիջանի կեդրոն: Քաղաքացիները անոնցմէ քանի մը հոգին հիւանդանոց փոխադրած են իրենց անձնական օգտագործման ինքնաշարժներով:
Հրշէջ–փրկարարները հոսանքազրկած են ինքնաշարժները, յետոյ տեղափոխած են ոստիկանութեան Դիլիջանի բաժնի պահպանուող յատուկ տարածք:
Դիլիջանի քննչական բաժինը նախաձեռնած է քրէական վարոյթ։ Վարորդներուն եւ վիրաւորներուն ինքնութիւնը պարզուած է: