image

Մարսէյլ. Հիմնուած է «Հայաստան-Ֆրանսա համախմբում»ը

Մարսէյլ. Հիմնուած է «Հայաստան-Ֆրանսա համախմբում»ը

Օրերս Մարսիլիոյ մէջ, «Կոչ՝ յանուն Հայաստանի»-ն ստորագրած ֆրանսահայ 73 ընկերակցութիւններ հիմնեցին «Հայաստան-Ֆրանսա ազգային համախմբում»ը։

Համախմբումին նպատակներն են հետեւեալները. զօրացնել կապը Հայաստանի եւ իր ֆրանսահայ Սփիւռքին միջեւ։ Այս յանձնառութիւնը պատասխան մըն է Հայաստանի դիմագրաւած ծանր սպառնալիքներուն, անոր պատմութեան այս վճռորոշ պահուն։ Համախմբումը կ'ողջունէ արդար եւ տեւական խաղաղութեան մը յանգելու Հայաստանի ջանքերը։ Համախմբումը կ'աջակցի հայկական Պետութեան՝ ժողովրդավարական գործունէութեան։


Անդամ միութիւնները կը վերահաստատեն Հայաստանի հողային եւ քաղաքական ինքնիշխանութեան հանդէպ իրենց յարգանքը։ Անոնք կը պահանջեն Ատրպէյճանի կողմէ, Ժընեւի համաձայնագրին անտեսումով, բանտարկուած հայ գերիներուն ազատ արձակումը եւ Ղարապաղի գաղթականներուն վերադարձը իրենց հողերը։


Այս նպատակներուն իրագործումը կ'ապահովուի ղեկավար յանձնախումբի մը կողմէ, որ ներկայացուցչական է ըստ Համախմբումը կազմող միութիւններու աշխարհագրական բաշխումին