image

«Մաքուր հայերէնով, այդ կը թելադրէ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը».Դոկտ. Յակոբ Այնթապլեան

 «Մաքուր հայերէնով, այդ կը թելադրէ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը».Դոկտ. Յակոբ Այնթապլեան

    Ամբողջ կեանք մը հայկական խնդիրներով զբաղած, մեր դատին ու հայրենիքին համար անհամար բարի գործեր կատարած ամերիկահայ (բնիկ Հալէպցի) գործիչ Դոկտ. Յակոբ Այնթէպլեանը խիստ ջատագով մըն է հայերէն լեզուին, մայրենին մաքուր պահելուն ու զայն աղարտումէ հեռու պահելուն։ 

 Օրերս Երեւան գտնուող մեր հայրենակիցը ուշագրաւ գրառում մը կատարած է մայրենիի պահպանման մասին, առիթն ու օրը փոխառնչելով Հայաստանի մէջ նշուած «Սահմանադրութեան օր»ով։

Ստորեւ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Դոկտ. Այնթապլեանի գրառումը։

 

Երբ Հայերէն լեզուն կը խեղաթիւրուի պետական պաշտօնեաներու եւ հեռատեսիլի հաղորդավարներու կողմէ ։«Տեխնոլոկիա , Պրոբլեմ» եւ մասամբ նորին …

Հայաստանի մէջ սանձարձակ կը գործածուին օտար բառեր : Կարծես Հայաստանի հանրապետութեան մէջ պաշտօնական լեզու չկայ կամ եթէ կայ անոր մէջ օտար Անհարկի

բառեր մխրճելը պետականօրէն արտօնուած եւ քաջալերուած է ։ 

Իրականութեան մէջ այդպէս չէ:

ՀՀ Սահմանադրութեան լեզուի մասին օրէնքը յստակ ամրագրած է , թէ «ՀՀ պետական պաշտօնական լեզուն գրական Հայերէն է»:

Այսինքն՝ գրական Հայերէնի մէջ անհարկի օտար բառեր պէտք չէ գործածուին :

Ապա ,աւելի մանրամասնելով այդ օրէնքի 3- որդ եւ 5-որդ յօդուածներու մէջ կը նշէ «Պաշտօնական ելոյթներու մէջ պետական պաշտօնեան պարտաւոր է լեզուի անաղարտութիւն պահել»,աւելցնելով նաեւ թէ

«այս օրէնքները չյարգողները պիտի ենթարկուին  պատասխանատուութեան»:

Ուստի հարց կը ծաքի եթէ վարչապետը իր ելոյթներու մէջ , թէ խորհրդարան , թէ կառավարական նիստերուն կամ Երեւանի ճարտարագիտական Համալսարանի վկայական բաշխման հանդէսին, 

բազում անգամ կրկնէ «Պրոբլեմ կամ Տեխնոլոկիա»  անհարկի օտար բառերը , ինչպիսի «պատասխանատուութեան» պիտի ենթարկուի ։ 

Ո՞վ պիտի յանդգնի «պատասխանատուութեան» ենթարկել զինքը։

Արդեօք ինք չզգա՞ր որ կը խեղաթիւրէ Հայոց Լեզուն իր անհարկի օտարաբանութեամբ երբ ճարտարագիտական Համալսարանի վկայական բաշխմամ հանդէսին կը ոտնահարէ Մայրենի լեզուն իր շարունակական օտար բառերու կրկնութեամբ - 

«Տեխնոլոկիա», Տեխնոլոկիա»:

Հայաստան եթէ Հայութեան հայրենիքն է, ինչո՞ւ

պետութիւնը կը Թոյատրէ Անհարկի օտար բառերու գործածութիւնը պետակական կառոյցներու , Ազգային ժողովի , Հեռատեսիլի եւ պետական պաշտօնեաներու ելոյթի ընթացքին։

Ազգ մը յատկանշող գլխաւոր տարրերն են , Ժողովուրդը, Հայրենիքը, Լեզուն, Կրօնը,Դրօշը եւ Աւանդութիւնները  ։ Խեղաթիւրէ լեզուն եւ կը նպաստես Ազգի քայքայման ։

Ե՞րբ Հայաստան պիտի յարգուի ՀՀ սահմանադրութեան Լեզուի մասին օրէնքը ։

Ի՞ նչ է նպատակը եւ հեռանկարը այս լեզուի մասին օրէնքի ոտնահարման շարունակութիւնը։

Միթէ  չե՞ն զգար որ լեզուական օտարաբանու-

թիւնը  կ՝ առաջնորդէ այլասերման ։

Ինչո՞ ւ պատասխանատու անձիք ներկայ վարչակարգի մէջ չեն անդրադառնար  եւ զգուշացներ երկրի բարձրաստաիճան անձիք որ սրբագրեն իրենց Մայրենիի թերութիւնները եւ հաղորդակցին մաքուր Հայերէն բառապաշարով ։

Միթէ կարելի չէ՞  «Պրոբլեմի եւ Տեխնոլոկիա» ի

տեղ գործածել -Խնդիր եւ Արհեստագիտութիւն Հայերէն բառերը ։

Հայ Ազգը կ՝ ակնկալէ պետական բոլոր պաշտօնեաներէ մաքուր Հայերէն բառերով հաղորդակցիլ , այդ է ՀՀ Սահմանադրութեան լեզուի մասին օրէնքը :

Բոլոր Հայաստանի քաղաքացիները՝ մեծէն մինչեւ փոքրը ,պարտաւոր են անխտիր յարգել այդ Լեզուի մասին օրէնքը։