Փարիզի դատախազութեան հակաահաբեկչական ստորաբաժանումը մեղադրանք առաջադրած է 2018 թուականին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի վրայ յարձակման մէջ ներգրաւուած անձանց դէմ։
Ազգային հակաահաբեկչական դատախազութիւնը (PNAT) պահանջած է, որ 12 հոգի, որոնք ծայրայեղ աջ հայացքներ ունին եւ կը կասկածուին 2018 թուականի նոյեմբերին Էմանուէլ Մաքրոնի վրայ յարձակումը նախապատրաստելու մէջ, կանգնին ոչ թէ երդուեալ ատենակալներու դատարանի, այլ ուղղիչ ատեանի առջեւ։
Հակաահաբեկչական դատախազները ծայրայեղ աջ Barjols խմբաւորման 11 տղամարդիկ եւ մէկ կին մեղադրած են «յանցաւոր ահաբեկչական դաւադրութեան» եւ Ֆրանսայի նախագահի դէմ «բռնի գործողութիւններ» ծրագրելու մէջ։
Ֆրանսայի նախագահի վրայ յարձակման գործով դատական հետաքննութիւնը սկսած է 2018 թուականի նոյեմբերին, կալանաւորուած է ծայրայեղ աջ շրջանակներուն մօտ կանգնած 14 մարդ։ 4 տարուան հետաքննութենէն ետք անոնցմէ երկուքը ազատ արձակուած են։