image

Մաքրոնի վարկանիշը կը նահանջէ 

Մաքրոնի վարկանիշը կը նահանջէ 

 

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի ազդեցութիւնը համաշխարհային բեմին վրայ, իր հնգամեայ պաշտօնավարութեան աւարտին մօտենալուն զուգահեռ, հետզհետէ կը տկարանայ, մինչ հանրապետութեան մէջ ճգնաժամ կը ծաւալի, իսկ անոր վարկանիշը կը հասնի աննախադէպ ցած մակարդակի։ Այս մասին կը գրէ «Ֆրանսփրէս» գործակալութիւնը։

«Միջազգային բեմին վրայ ազդեցութիւն գործելու անոր կարողութիւնը հետզհետէ կը տկարանայ, եւ անոր պաշտօնավարութեան աւարտը դժուար պիտի ըլլայ», գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին նշած է պետութեան ղեկավարի աջակիցներէն մէկը։

Գործակալութիւնը կը նշէ, որ միջազգային դիւանագիտութեան տեսանկիւնէն վերջին տարին յատկապէս անյաջող եղած է Մաքրոնի համար՝ որպէս օրինակ մատնանշելով ԱՄՆ-ի եւ Ուքրանիոյ միջեւ յարաբերութիւններու հերթական վատթարացումը՝ հակառակ եւրոպացիներու գործադրած բոլոր ջանքերուն։

Միջազգային յարաբերութիւններու խորհուրդի (Council on Foreign Relations) վերլուծական կեդրոնի ներկայացուցիչ Լիանա Ֆիքս գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ «եւրոպական երկիրները, յատկապէս Ֆրանսան եւ Գերմանիան, իրենց ներքին կացութեան պատճառով այլեւս ի վիճակի չեն այդքան մեծ ջանքեր գործադրելու՝ ամերիկեան նախաձեռնութիւններուն շարունակաբար հակազդելու համար»։

Իր կարգին, Մաքրոնի մերձաւոր համախոհներէն մէկը գործակալութեան յայտնած է, որ Եւրոպական Միութեան մէջ այժմ յոյս ունին դիմանալու մինչեւ Նոյեմբերին ԱՄՆ-ի մէջ նախատեսուած միջանկեալ ընտրութիւնները, որմէ ետք Սպիտակ տան տիրոջ մանեւրելու հնարաւորութիւնները կրնան սահմանափակուիլ։

Միջազգային բեմի վրայ արձանագրուած այլ անհաջողութիւն է Պաղեստինի մէջ համընդհանուր ընտրութիւններու յետաձգումը մինչեւ 2027-ի աշունը։ «Մինչդեռ Էմանուէլ Մաքրոնը զանոնք կը ներկայացնէր իբրեւ այն հիմնական նուաճումներէն մէկը, որոնց հասած էր՝ մէկ տարի առաջ Պաղեստինի պետութիւնը ճանչնալու մասին իր յայտարարութենէն ետք», կը նշէ գործակալութիւնը։

AFP-ն միաժամանակ կ՚ընդգծէ Սէուտական Արաբիոյ մէջ ուժանիւթային կառոյցները եմէնեան հուսիներու յարձակումներէն պաշտպանելու նպատակով ֆրանսական ուժեր ուղարկելու հետ կապուած աճող վտանգները։ Աճող հակամարտութեան պայմաններուն մէջ Փարիզի միջամտութիւնը, բացի իր սահմանափակ արդիւնաւէտութենէն, հետզհետէ կը սպառնայ Ֆրանսան աւելի խորապէս ներքաշելու այդ հակամարտութեան մէջ՝ հակառակ յայտարարուած «բացառապէս պաշտպանական դիրքորոշման»։

«Իրապէս, Մաքրոնը ոչ ժողովրդականութեան նոր մրցանիշեր կը սահմանէ՝ դիմագրաւելով ճգնաժամերու ամբողջ շարք մը, որոնք կը մթագնեն իր երկու հնգամեայ պաշտօնավարութեան շրջաններուն աւարտը՝ աւագ դասարաններու աշակերտներու բողոքներէն մինչեւ վառելանիւթի գիներու եւ ֆինանսական ցնցումներու հարցերը։

Ամերիկեան յարձակումներու պայմաններուն մէջ, եւ հակառակ Մեծ եօթնեակի գագաթնաժողովին այդքան գովերգուած «միասնութեան», Ֆրանսան որոշած է առնուազն այս պահուն սպասողական դիրք որդեգրել», կը նշէ գործակալութիւնը։

Եւրոպական մակարդակով Մաքրոնի համար վերջին փորձութիւնը պէտք է ըլլար Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններէն առաջ ԵՄ-ի «յաւակնոտ» պիւտճէին ընդունումը։ Սակայն «ֆրանսա-գերմանական մրցակցութիւնը արդարացուց սպասումները, եւ բանակցութիւնները փակուղի մտան», կ՚արձանագրէ գործակալութիւնը։