image

Մաքրոն հրաժարած է Զուիցերիա մեկնելէ

Մաքրոն հրաժարած է Զուիցերիա մեկնելէ

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն չեղարկած է Զուիցերիա այցը, որ նախատեսուած էր Նոյեմբերին, Համադաշնութեան կողմէ ֆրանսական կործանիչները ձեռքբերելու մերժման պատճառով: 

Ֆրանսայի նախագահը դեսպանին միջոցով Զուիցերիոյ իշխանութիւններուն փոխանցած է այցը չեղարկելու մասին, որու ժամանակ ան պէտք է հանդիպէր Զուիցերիոյ նախագահ Կի Փարմելանի հետ: 

Կը նշուի նաեւ, որ Ֆրանսայի առաջնորդը նաեւ արգիլած է Զուիցերիոյ հետ բարձր մակարդակի բոլոր երկկողմանի շփումները մինչեւ 2022-ի ամառ: Զուիցերիոյ մէջ կը նշեն, որ գործնական մակարդակով եւ դեսպաններու միջոցով շփումները կը շարունակուին:

Մաքրոնի որոշումը կապուած է այն հանգամանքին հետ, որ Զուիցերիան իր բանակին համար ընտրած է F-35 ամերիկեան կործանիչները: Գործարքին արժէքը գերազանցած է 6 միլիառ տոլարը: Rafale կործանիչները ձեռքբերելու շուրջ Ֆրանսայի հետ երկխօսութիւնը շարունակուած է նոյնիսկ անգամ այն բանէն ետք, երբ Պեռնը վերջնական որոշում կայացուցած F-35-ի գնման հարցով: