Պաքուի դատարանը 27 Յունուարին մերժեց Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներու նկատմամբ` խափանման միջոց բանտարկութիւնը տնային բանտարկութեամբ փոխարինելու պաշտպաններու միջնորդութիւնը, յայտնեցին ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Տեղի ունեցաւ նաեւ Արցախի նախկին պետական նախարար, գործարար, բարերար Ռուբէն Վարդանեանի դէմ շինծու մեղադրանքներով դատավարութեան հերթական նիստը: Անոր դէմ շինծու գործը կը քննուի Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն դէմ գործէն առանձին: Նախորդ դատական նիստին, Վարդանեանի պաշտպանը միջնորդած էր անոր գործը միացնել միւս ղեկավարներու գործին եւ քննել միասին, սակայն դատարանը մերժեց այդ միջնորդութիւնը:
Դատարանը Վարդանեանին յաւելեալ 10 օրեր տուաւ` շինծու գործի նիւթերուն ծանօթանալու համար. Վարդանեանի պաշտպանները դատարանին միջնորդած էին՝ 30 օրեր յատկացնելու համար:
Յիշեցնենք, որ Արցախի Հանրապետութեան նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն ներկայացուցիչները եւ քաղաքացիական անձերը Պաքուի դատարանին կողմէ կը մեղադրուին «ահաբեկչութեան», «ռազմական յանցագործութիւններու», «ցեղասպանութեան» եւ այլ «յանցանքներու» մէջ:
Ատրպէյճանցի դատաւորին դիմաց կը կանգնին 15 հայեր` Արցախի նախկին նախագահներ Արայիկ Յարութիւնեան, Արկադի Ղուկասեան, Բակօ Սահակեան, Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Դաւիթ Իշխանեան, պաշտպանութեան բանակի զինուած ուժերու նախկին ընդհանուր պետ Դաւիթ Մանուկեան, արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեան, բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեան, քաղաքացիներ` Վասիլի Բեգլարեան, Էրիկ Ղազարեան, Դաւիթ Ալավերդեան, Գուրգէն Ստեփանեան, Լեւոն Բալայեան, Մադաթ Բաբայեան, Գարիկ Մարտիրոսեան եւ Մելիքսէթ Փաշայեան: