Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Միացեալ Նահանգները լիովին վստահելի գործընկեր չի համարեր։ Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը՝ այս մասին ան յայտարարած է Աթէնքի մէջ։
«Բոլորը կը տեսնեն, որ թիւ մէկ տէրութիւնը՝ Միացեալ Նահանգները, կրնայ որոշ երկիրներու համար դաշնակից ըլլալ, բայց այդ դաշնակիցը այլեւս այնքան վստահելի չէ»,– ըսած է Ֆրանսայի առաջնորդը։
Անոր կարծիքով՝ այլեւս ոչ ոք կրնայ Միացեալ Նահանգները համարել դաշնակից, որուն վրայ կարելի է լիովին յոյս դնել։