image

Մանրամասնութիւններ Փաշինեան-Յարութիւնեան հանդիպման մասին

Մանրամասնութիւններ Փաշինեան-Յարութիւնեան հանդիպման մասին

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, 13 հոկտեմբերին, հանդիպած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։

Հանդիպման վերաբերեալ «Արցախփրէս»-ի հարցին ի պատասխան, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամուլի խօսնակ Լուսինէ Աւանէսեանը յայտնած է, որ քննարկուած է ստեղծուած իրավիճակը։

Անդրադառնալով հարցին, թէ ինչո՞ւ Արցախի պատուիրակութիւնը եւս չէ մասնակցած հանդիպման, Լ. Աւանէսեանը տեղեկացուցած է, որ Երեւան գտնուող ԱՀ պատուիրակութեան անդամները նախապէս յայտարարուած օրակարգի համաձայն առաջիկային ՀՀ քաղաքական պատասխանատուներու հետ պիտի շարունակեն հանդիպումները։

«Արդիւնքների վերաբերեալ հանրութեանը կը տրուի պատշաճ տեղեկատւութիւն»,-աւելցուցած է ան։