ՄԱԿ գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշը Փեքինի մէջ կայանալիք Ողիմպիական խաղերոգն ժամանակ հրադադար պահպանելու կոչով հանդես եկած է։
«Հակամարտութիւններու ծաւալման ու լարուածութեան աճի պայմաններուն մէջ «ողիմպիական զինադադարը» հնարաւորութիւն է՝ յաղթահարելու տարաձայնութիւններն ու ուղիներ գտնելու՝ կայուն խաղաղութեան հասնելու համար։ Կոչ կ'ընեմ բոլորին՝ հրադադար պահպանել 2022-ի Ողիմպիական ու Փարողիմպիական խաղերու ժամանակ եւ դադրեցնել թշնամական գործողութիւնները՝ անոնց ընթացքին», նշուած է ՄԱԿ-ի տարածած հաղորդագրութեան մէջ։