image

ՄԱԿ-ի Գերագոյն Վեհաժողովի Դահլիճ մուտքը միայն դիմակներով

ՄԱԿ-ի Գերագոյն Վեհաժողովի Դահլիճ  մուտքը միայն դիմակներով

ՄԱԿ-ի մէջ յոյս յայտնած են, որ անդամ պետութիւնները կը լուծեն Գերագոյն Վեհաժողովի պատուիրակներու հասանելիութեան հարցը՝ ՄԱԿ-ի Գերագոյն Վեհաժողովի սրահին մէջ բոլոր գտնուողներու պարտադիր պատուաստման մասին Նիւ Եորքի իշխանութիւններու պահանջով: Այս մասին յայտարնածէ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնական ներկայացուցիչ Սթեֆան Տիւժարիքը:

«Անոնք հարցեր են, որոնք պէտք է որոշեն անդամ պետութիւնները: Գլխաւոր քարտուղարը լիազօրութիւններ չունի որոշելու այն ինչի մասին կը խօսուի (միայն պատուաստուած պատուիրակները ներս թողնելու պահանջը - Խմբ.): Երկիրները իրենք պէտք է որոշեն», ըսած է Տիւժարիքը:

Այս օրերուն Նիւ Եորքի մէջ տեղի կ'ունենայ ՄԱԿ-ի Գերագոյն Վեհաժողովի 76-րդ նստաշրջանը, որ կը նախագահէ Մալտիվներու ներկայացուցիչ Ապտուլլա Շահիտը:

Նախօրէին ՄԱԿ Գերագոյն Վեհաժողովին ելոյթ ունենալով վերջինս յոյս յայտնած էր, որ մինչև 2022 թուականի վերջը երկրի բոլոր բնակիչները պէտք է պատուաստուին: