Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան Նիւ Եորքի մէջ ելոյթ ունեցած է ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի 77-րդ նստաշրջանին, որու ընթացքին անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններուն, գրած է «Անատոլու»ն։
Ան խօսած է Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող իրավիճակի մասին եւ կոչ ըրած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ «շուտափոյթ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու»։
«Թէեւ հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրավիճակը վերջին օրերուն կը ստուերէ մեր ընդհանուր գործը, կը կարծեմ, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները շուտով պիտի կարգաւորուին, եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ»,- ըսած է Թուրքիոյ նախագահը։