ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին զսպուածութեան կոչ ըրած է` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի սրման լոյսին տակ: Այս մասին ըսած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի ներկայացուցիչ Սթեֆան Տիւժարիքը:
«Գլխաւոր քարտուղարը մտահոգուած է Լեռնային Ղարաբաղի եւ անոր շուրջ նոր մարտերու մասին հաղորդումներով: Գլխաւոր քարտուղարը կողմերուն կոչ կ'ընէ զերծ մնալու որեւէ գործողութենէ եւ յայտարարութիւններէ, որոնք կրնան յանգեցնել իրավիճակի սրման, եւ բոլորը հարցերը, այդ շարքին` մարդասիրական բնոյթի, կարգաւորել ուղիղ երկխօսութեան միջոցով` առկայ ձեւաչափերու շրջանակին մէջ», ըսած է ան: