image

Մահացած է վաստակաշատ լրագրող Աշոտ Գարեգինեան

Մահացած է վաստակաշատ լրագրող Աշոտ Գարեգինեան

62 տարեկան հասակին մահացեր է վաստակաշատ լրագրող Աշոտ Գարեգինեանը: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ լրագրողը յանկարծամահ եղած է 11 յուլիսի առաւօտեան:

Աշոտ Գարեգինեան լրագրողական գործունէութիւնը սկսած է 1982 թուականէն:

Գարեգինեան թղթակցած է այնպիսի հեղինակաւոր լրատուամիջոցներու, ինչպիսիք են ԹԱՍՍ-ը, «Ինթըրֆաքս»-ը,  աշխատած է «Կայծ» եւ «Երիտասարդ տեխնիկ» («Огонек» եւ «Юный техник») ամսագրերուն:

Վերջին շրջանին ան կը համագործակցէր հայկական շարք մը լրատուամիջոցներու հետ:

Աշոտ Գարեգինեանը թղթակցած է նաեւ «Հայաստանի Հանրապետութիւն» օրաթերթին: