image

Մահացած է Տուրմուշ Տուրտույեանը. Հայազգի գործիչը յաջողութեան հասած էր միայն անուանափոխութիւնէ ետք

Մահացած է   Տուրմուշ Տուրտույեանը. Հայազգի գործիչը  յաջողութեան հասած էր միայն անուանափոխութիւնէ  ետք

Օրերս կեանքէն հեռացաւ Թուրքիոյ «Սաատէթ»  («Երջանկութիւն)  կուսակցութեան խորհուրդի նախագահ՝ հայկական ծագումով՝ 86 տարեկան Օղուժան Ասիլթուրք: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Ermenihaber կայքէն:

Ըստ աղբիւրին Ասիլթուրք 13 սեպտեմբերին իր կնոջ հետ փոխադրուած է հիւանդանոց  թոքաբորբի ծանր վիճակով, եւ կասկածուած է, որ  անոնք  վարակուած են  Քովիտի վարակով: 

Օղուժան Ասիլթուրք, ծնած է 25 Մայիս, 1935-ին, աւարտած է Պոլսոյ համալսարանի երկրաչափական ճիւղը:

Աշխատած է որպէս ազատ խորհրդատու երկրաչափ: Եղած է Մալաթիոյ պատգամաւոր : Նաեւ աշխատած է Ներքին գործոց արդիւնաբերութեան եւ արհեստագիտութեան նախարարութիւն: Ան դատուած է ու արդարացուած: Զրկուած է քաղաքականութեամբ զբաղելէ 10 տարիով:   

1987-ին երբ Թուրքիոյ մէջ հանրաքուէով վերացուած են սահմանափակումները, «Բարօրութիւն» կուսակցութեան առաջին համագումարը տեղի ունեցած է ու ան ընտրուած կուսակցութեան քարտուղարը:

Ասիլթուրք եղած է «Երջանկութիւն» կուսակցութեան հիմնադիրներէն մէկը եւ ընտրուած խորհուրդի նախագահ: 

Աղբիւրը նշած է նաեւ, որ «Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում» կուսակցութեան նախկին պատգամաւոր՝ Ֆէյզի Իշպարան իր թուիթըրեան էջին վրայ գրած է թէ Օղուճան Ասիլթուրքի իսկական անունը  Տուրմուշ Տուրտույեան է եւ որ 52 տարի առաջ, երբ ան 34 տարեկան էր դատարանի միջոցաւ փոխած է անունը, եւ միայն անկէ ետք քաղաքականութեան  մէջ վերելք արձանագրած: 

Իշպարան նաեւ գրած է, թէ «ես երբեք չեմ ցանկացած գրել սա, բայց կ'ուզեմ պատմել Թուրքիոյ դառն ճշմարտութիւնը:

Իրականութեան մէջ, Տուրմուշ Տուրտույեան, Օզալին, Տեմիրելին, Էրպաքանին պէս, ITU- էն էր, բայց որպէս hայ անոնց պէս բախտաւոր չէր եւ չկրցաւ լաւ աշխատանք ստանալ նահանգին մէջ:

Սակայն  երբ Տուրմուշը Օղուժան դարձաւ, դռները բացուեցան իր առջեւ»: