Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ, «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Ռոպերթ Քոչարեանը քուէարկեց։ Հարցման, թէ ի՞նչ Հայաստանի, ի՞նչ արժէքներ կրող Հայաստանի համար քուէարկած է, ան պատասխանած է՝ ազգային, ինքնութիւն ունեցող, պաշտպանուած, ապահով եւ բարեկեցիկ Հայաստանի։
Ան նշած է, որ ընդդիմութեան յաջողութեան հաւանականութիւնը բարձր կը գնահատէ։
«Զարգացումներ պիտի ըլլան։ Եթէ ծանօթ էք մեր ծրագիրին, ապա իսկապէս արմատական փոփոխութիւններ պիտի կատարուին։
Անցեալ անգամ մեր մանթատները բաւարար չէին նպատակին հասնելու համար։ Եղած ենք ընդդիմութիւն, պայքարած ենք, ոչ մէկ տեղ նահանջած ենք, եւ որպէս արմատական ընդդիմադիր ուժ, կը կարծեմ՝ ոչ ոք կասկած ունի, որ մենք իսկապէս ամէնէն արմատականն ենք»,– նշած է ան։