Ինչ պայմաններու մէջ յայտնուած է մեր այսօրուայ աշխարհը, դէպի ո՞ւր «կը սլանայ» Ուքրանիոյ պատերազմը եւ ամենակարեւորը ինչ միջոցներով կարելի պիտի ըլլայ հանգուցալուծել այս ամեհի տագնապը։
Օրերս այս մասին, եւ յատկապէս արաբական ԶԼՄ-ներուն իր տեսակէտները յայտնած է ամերիկացի յայտնի մտաւորական Նոամ Չոմսքի։
Նիւթը կը ներկայացնենք, որոշ յապաւումներով նշելով նաեւ, որ SkyNewsArabia-ին տրուած (արաբերէն թարգամանութեամբ) սոյն հարցազրոյցը, որոշ պատշաճեցումներուն «Արեւելք».ի համար պատրաստեց, մեր աշխատակիցներէն՝ Թամար Գասպարեանը։
Իմ կարծքիով գլխաւոր հարցը այն է, թէ ինչ պէտք է ընել դադրեցնելու համար այսօր տեղի ունեցող ոճիրներն ու վայրագութիւնները։ Կան երկու հաւանականութիւններ, անոնց համար որոնք մտահոգուած են Ուքրանիոյ ճակատագիրով: Առաջինը՝ շարունակել քայքայել Ուքրանիան եւ ապա անցնիլ հաւանական կորիզային պատերազմի: Երբ կը կարդաք ամերիկեան թերթի մը մէջ վերնագիր մը, թէ «պէտք է քանդել Ռուսաստանը» այդ կը նշանակէ՝ ես կ'ուզեմ սպաննել Ուքրանիոյ բնակիչները եւ երթալ կորիզային պատերազմի, որ պիտի ոչնչացնէ մարդկութիւնը աշխարհի վրայ: Իսկ երկրորդ հաւանականութիւնը այն է, երթալ դիւանագիտականբանակցութիւններու եւ ընդունիլ կարգաւորում մը, որ գարշելի պիտի ըլլայ, որովհետեւ պիտի նշանակէ տալ նախագահ Փութինին ինչ որ ելք մը այս կացութենէն: Եթէ այդ կարգաւորումը չներկայացնէ լուծում մը, ուրեմն Մոսկուայի այդ կարծրատիպ մարդը, գիտնալով թէ այլեւս ուրիշ միջոց չէ մնացած, պիտի օգտագործէ իր ամբողջ ուժը եւ աշխարհը տանի կորիզային պատերազմի: Ուրեմն կագաւորումը անպայման ելք մը պիտի առաջարկէ, եւ բոլորս գիտենք թէ ինչ պիտի ըլլայ այդ ելքը։ ՆԱԽ Ուքրանիան պէտք է մնայ չէզոք երկիր, ժամանակաւորապէս սառեցուին Տոնպասի եւ Խրիմի խնդիրները, յայտարարուի հրադադար եւ ռուսական ուժերու յետ քաշում։ Այս քայլերը պէտք է ըլլան կարգաւորումին հիմնական կէտերը: Երկու կողմերն ալ գիտեն, որ այս երկու հաւանականութիւններէն մէկը միակ լուծումն է:
Միացեալ Նահանգներու ներկայ դիրքը այն է, «շարունակել կռուիլ մինչեւ վերջին ուքրանացիի սպանութիւնը», այս իմ խօսքը չէ, այլ կը մէջբերեմ Ամերիկայի ամէնէն յարգալից դիւանագէտներէն մէկուն, Սէուտական Արաբիոյ մօտ Ամերիկայի նախկին դեսպան՝ Չարլզ Ֆրիմանի խօսքերէն: Ան մանրամասնօրէն նկարագրած է Միացեալ Նահանգներու ռազմավարութիւնը այս հարցի վերաբերեալ, «կռուիլ մինչեւ վերջին ուքրանացիի սպանութիւնը», առանց երթալու բանակցութիւններու կամ առանց առաջարկելու հանգուցալուծումներ, այս է ըստ երեւոյթին ամերիկեան քաղաքականութիւնը, որ նման է չինական քաղաքականութեան: Անշուշտ բառացիօրէն պէտք չէ հասկնալ «վերջին ուքրանացին», այլ՝ երթալ կորիզային մեծ ուժերու բախումի, որ ի վերջոյ պիտի յանգի ամբողջ աշխարհի վախճանին։
Մեծ հնարաւորութիւն կար «Պաղ պատերազմ»ի աւարտին, նախագահ՝ հայր Պուշի օրօք, երբ նախագահ՝ Միխայիլ Գորբաչով ներկայացուց իր տեսլականը յետպաղպատերազմեան ժամանակաշրջանը կառավարելո։
Ան առաջարկեց, որ Եւրոպայի եւ Ասիոյ տարածաշրջանները միաւորուած ըլլան եւ տարածուած՝ Լիզպոնէն մինչեւ Վլատիվոսդոկ, առանց որեւէ ռազմական դաշինքի, այն ատեն այդ կոչուեցաւ «Եւրոպայի համընդհանուր տուն», որ տարբերակ մըն էր: Նախագահ Պուշի ընտրանքը այնքան ալ տարբեր չէր այն ժամանակուայ Խորհրդային իր գործընկերոջ առաջարկէն: Պուշ առաջարկեց «Գործընկերութիւն յանուն խաղաղութեան», եւ դեսպան՝ Չարլզ Ֆրիման, կ'ըսէր, որ այդ տարբերակը անհրաժեշտ էր կառավարելու այն համակարգը, ուր կար Ռուսաստան: «Գործընկերութիւն յանուն խաղաղութեան»-ը չբացառեց ՆԱԹՕ-ն, այլ պահպանեց իր սահմանափակ յարաբերութիւնները անոր հետ, այնպէս որ այլ երկիրներ կարելիութիւնը ունենային անդամակցելու «յանուն խաղաղութեան գործընկերութեան» առանց ՆԱԹՕ-ի հետ կապ ունենալու: Հետեւաբար հնարաւոր էր ընդլայնել այդ գործընկերութեան շրջանակը՝ ներառելով Ռուսաստանը: Համընդհանուր խաղաղութեան դաշինք հիմնելը պիտի յանգեցնէր ռազմական դաշինքներու քայքայման կամ անհետացման: Այս ալ ուրիշ տարբերակ մըն էր: Ֆրիմընէն պիտի մէջբերեմ նորէն «1994-ին երբ Պիլ Քլինթըն եղաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ, ան սկսաւ խօսիլ «Գործընկերութիւն յանուն խաղաղութեան» մասին, բայց աշխարհին յայտարարել, որ պիտի ընդլայնէ ՆԱԹՕ-ն, մինչեւ Ռուսաստանի սահմանները: Այն ժամանակ նախագահ՝ Պորիս Ելցին խստօրէն դատապարտեց Քլինթընը, երբ 1996-ին վերջինս ներկայացուց ՆԱԹՕ-ի ընդլայնուած քարտէզը, ինչպէս նաեւ 1997-ին, երբ հրաւիրեց Լեհաստանը, Սլովենիան եւ Հունգարիան միանալու ՆԱԹՕ-ին հասնելով Ռուսաստանի սահմանները, ինչ որ կոպիտ խախտում էր նախկին նախագահ՝ հայր Պուշի Գորբաչովին տուած այն խոստումին, որ ՆԱԹՕ-ն ոչ մէկ թիզ պիտի չընդլայնի դէպի արեւելք, այսինքն՝ Գերմանիոյ արեւելքը: Հայր Պուշ պահեց իր խոստումը, Քլինթըն յարգեց այդ խոստումը, սակայն քանի մը տարի ապա դրժեց զայն: Ռուսները առարկեցին, բայց դժկամութեամբ համակերպեցան: Երբ Ճօրճ Պուշ կրտսեր իշխանութիւնը ստանձնեց, ան հրաժարեցաւ այդ խոստումէն եւ կոչ ըրաւ նախկին Խորհրդային Միութեան կարգ մը երկիրներուն միանալու ՆԱԹՕ-ին: 2008-ին, Ամերիկան աւելի հեռու գնաց եւ հրաւիրեց Ուքրանիան միանալու ՆԱԹՕ-ին: Իւրաքանչիւր ամերիկացի դիւանագէտ, ինչպէս՝ Ճորճ Քենըն, Հենրի Քիսինճըր, Ճարիտ Մաթլաք, նոյնիսկ CIA շատ լաւ գիտէր, որ Վրաստանն ու Ուքրանիան կարմիր գիծեր են ռուսներուն համար: Ռուսերը թերեւս հանդուրժեն շատ բան, բայց չեն հանդուրժեր թշնամի ռազմական դաշինքի ներխուժումը իրենց ռազմավարական ազդեցութեան տակ գտնուող գօտի: Ոչ մէկ ռուս առաջնորդ պիտի ընդունէր այդ, ոչ Ելցին, ոչ Գորբաչով, ոչ մէկը: Հակառակ անոր, Պուշ կրտսեր շարունակեց իր որոշումը, որուն այն ժամանակ դէմ ելան Ֆրանսան եւ Գերմանիան վեթոյի իրաւունք օգտագործելով, եւ այնպէս ան ԱՄՆ շարունակեց ՆԱԹՕ-ի ընդլայնման իր ծրագիրը գործի դնել։ Ուքրանիոյ «Մայտանի յեղափոխութեն»էն ետք Ամերիկան անմիջապէս ներխուժեց եւ սկսաւ հրապարակայնօրէն Ուքրանիան ներգրաւել ՆԱԹՕ-ի ռազմական ծրագիրներուն մէջ, սպառազինութեան գործարքներ կատարել եւ այլն: 2021 Սեպտեմբերին, այսինքն քանի մը ամիս առաջ, նախագահ՝ Պայտընի կատարած պաշտօնական յայտարարութիւնը իր արտաքին քաղաքականութեան կապակցութեամբ, (որ նման էր 2001-ի յայտարարութեան, եւ այն կարելի է գտնել Սպիտակ տան կայքէջին վրայ, մանաւանդ որ ամերիկեան լրատուամիջոցները չհաղորդեցին անոր բովանդակութիւնը) արժանի է մեծ ուշադրութեան։Հաղորդագրութիւնը կոչ կ'ընէր իրականացնելու Ուքրանիոյ ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան ծրագիրը, եւ կը պահանջէր նոր արդիական զինատեսակներու առաքում Ուքրանիա, կը խօսէր համատեղ ռազմափորձերու մասին, եւ կը մատնանշէր ուքրանական բանակի սպաներու վերապատրաստումը։
Որեւէ մէկը չի գիտեր, թէ ինչ տեղի ունեցաւ, բայց թերեւս այս էր, որ մղեց Ռուսաստանին ի վերջոյ առնելու ոճրային որոշումը եւ ներխուժելու Ուքրանիա: Յամենայն դէպս, այս էր նախաներխուժման հիմնական նախադրեալը:
Այն ինչ, որ կը կատարուի այսօր մեզ երկու տարբերակի առջեւ կը կանգնեցնէ։ Առաջինը՝ Միացեալ Նահանգներ պիտի ընթանայ իր քաղաքականութեան մէջ, որ սկսած էր 2001-ին եւ շարունակէ ներգրաւել Ուքրանիան ՆԱԹՕ-ի գործողութիւններուն մէջ, ինչպէս՝ համատեղ ռազմափորձեր եւ այլն, ինչ որ պիտի նշանակէ Ուքրանիոյ ոչնչացումը, ապա կորիզային աւերիչ պատերազմ: Իսկ երկրորդ տարբերակը՝ Ամերիկան հրաժարի իր ներկայ դիրքորոշումէն եւ հետեւի Ֆրանսայի նախագահ՝ Էմանուէլ Մաքրոնի քայլերուն` խտացնելով իր քննարկումները Փութինի հետ, հասնելու համար քաղաքական կարգաւորման, որ հանգուցալուծում կ'ապահովէ եւ Փութինին կ'առաջարկէ ելքի միջոց այս հակամարտութենէն, առիթ տալով Ուքրանիոյ, որ փրկուի։