Տանըլտ Թրամփ հերթական անգամ յայտարարած է, որ Իրան կ՚ոչնչացուի, սակայն զուգահեռ բանակցութիւններ կը վարեն Թեհրանի հետ: Սպիտակ տան բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆն ալ յայտնած է, որ Թեհրանին 15 կէտէ բաղկացած համաձայնագիր փոխանցած են եւ այժմ կը սպասեն անոնց պատասխանին:
«Չենք հեռանար, մինչեւ չհասնինք մեր նպատակներուն։ Կը կարծենք՝ առաջիկային հանդիպումներ պիտի ըլլան։ Կ՚ուզենք հասնիլ խաղաղութեան համաձայնագրի, սակայն զուգահեռ կը հաւատանք «խաղաղութիւն՝ ուժի միջոցով» բանաձեւին»,- յայտարարած է Ուիթքոֆը:
«Եօթի խումբի» հանդիպումէն ետք Իրանի շուրջ զարգացումներուն անդրադարձած է ԱՄՆ պետքարտուղար Մարքօ Ռուպիոն: Անոր խօսքով՝ յոյսով են աւարտել պատերազմը քանի մը շաբթուան, այլ ոչ ամսուան ընթացքին:
«Ամէն ինչ շատ լաւ կ՚ընթանայ: Մենք կրնանք հասնիլ մեր նպատակներուն՝ առանց ցամաքային ուժեր տեղակայելու»,- նշած է Ռուպիօն: Ան նաեւ չէ բացառած, որ Ուքրանիոյ համար նախատեսուած զէնքը կրնան օգտագործել Իրանի դէմ ռազմական գործողութիւններուն համար: