Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութեան կարգաւորումը հնարաւոր չէ, առանց Ռուսիոյ համար անվտանգութեան երաշխիքներու:
Այս մասին յայտնած է «Ինթըրֆաքս» գործակալութիւնը:
«Այժմ, երբ հորիզոնի վրայ ուրուագծուած է քաղաքական-դիւանագիտական կարգաւորման հեռանկարը, Եւրոմիութիւնը խօսած է Ուքրանիոյ՝ որպէս խաղաղ լուծման առանցքային տարր, անվտանգութեան ամուր երաշխիքներ տրամադրելու անհրաժեշտութեան մասին։ Եւրոմիութեան մէջ ոչ ոք ոչ մէկ բառ ըսած է Ռուսիոյ անվտանգութեան երաշխիքներու մասին, առանց որու հակամարտութիւնը հնարաւոր չէ լուծել»,- նշած է Լաւրովը:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը Եւրոպան մեղադրած է սեփական արժէքները ոտնահարելու մէջ: