Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի կարգադրութեամբ՝ զինուած ուժերուն մէջ մարտական պատրաստութեան ստուգում կայացած է։ Այս մասին յայտնած է Պելառուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան «Վոին ԹիՎի» հեռուստաընկերութիւնը։
«Ստուգումը կը կրէ համապարփակ բնոյթ. կը փորձարկուին զօրամասերը վերահսկող մարմինները, ստորաբաժանումներու՝ դժուար պայմաններու մէջ գործելու ունակութիւնը, համալրման համակարգը»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Ատոր համաձայն՝ բանակային համակարգը կը համալրուի պահեստազօրէն զօրակոչուած զինուորականներով։