image
Հրատապ լուրեր:

Լոս Անճելըսի մէջ. Հայ Դատի Միացեալ յանձնախումբերու ժողով

Լոս Անճելըսի մէջ. Հայ Դատի Միացեալ յանձնախումբերու ժողով

Օրերս Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցած է 19 նահանգներուն մէջ գործող Հայ Դատի յանձնախումբերուն միացեալ ժողովը։ Քննարկուած է Հայ Դատի առաջնահերթութիւնները եւ ծրագրելու համար ապագայ քայլերը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ ԱՄՆ հրապարակուող «Ասպարէզ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ ՝

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ, 6 Ապրիլին տեղի ունեցաւ շրջանի 19 նահանգներուն մէջ գործող Հայ Դատի յանձնախումբերուն միացեալ ժողովը՝ քննարկելու համար Հայ Դատի առաջնահերթութիւնները եւ ծրագրելու համար ապագայ քայլերը։

Արցախի հայութեան տարրական իրաւունքներու պաշտպանութիւնը եւ Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան պահպանումը իբրեւ գլխաւոր նպատակ ունենցող քննարկումները սկսան Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան քարտուղար Անդրանիկ Քիզիրեանի բացման խօսքով, որմէ ետք վարչութեան անդամ Այգ Տիքիճեան ներկայացուց Նոյեմբեր 2024ին տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն Հայ Դատին եւ ամերիկահայութեան որդեգրելիք դիրքերուն մասին զեկոյց մը։

Այնուհետեւ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Սարգիս Պալխեան խօսեցաւ Հայ Դատի տեղական մարմիններու գործունէութեան մասին, իսկ հաղորդակցութիւններու պատասխանատու Սոնիա Մերոնեան եւ կառավարական հարցերու պատասխանատու Ռուբէն Կարապետեան շեշտեցին մասնաճիւղերուն եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան միջեւ մնայուն կապին կարեւորութեան մասին։

Ելոյթներ ունեցան նաեւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբէն Գեւ Էսքիճեան եւ Ալեքս Կալիցքի, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Օշին Յարութիւնեան եւ անդամ Լենա Յովհաննէսեան։

Ժողովին մասնակցեցան Ալասքայի, Արիզոնայի, Պոյզիի (Այտըհօ), Պըրպենքի, Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ, Քոլորատոյի, Քրեսանթա հովիտի, Տալասի, Կլենտէյլի, Հաուայիի, Հոլիվուտի, Հիւսթընի, Նեւատայի, Նիւ Մեքսիքոյի, Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ, Օրենճ գաւառի, Օրիկընի, Փասատինայի, Սան Ֆերնանտօ հովիտի (Արեւելեան, Հիւսիսային եւ Արեւմտեան), Սան Կապրիէլ հովիտի, Թուին Ֆոլզի (Այտըհօ), Եութայի եւ Ուաշինկթընի յանձնախումբերու ներկայացուցիչները։