image

Լրագրողներու խորհուրդի հանդիպում

Լրագրողներու խորհուրդի հանդիպում

Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդի 21 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած նիստի ընթացքին ամփոփուած են առցանց ձեւաչափով կատարուած տարածաշրջանային խորհրդաժողովներու արդիւնքները եւ ուսումնասիրուած են համահայկական խորհրդաժողովի կազմակերպման հնարաւորութիւնը 2022-ի գարնան:

Այս մասին կը տեղեկանանք «Արմէնփրէս»էն:

Համակարգող խորհուրդը քննարկած է համահայկական յառաջիկայ համաժողովին հնարաւոր թեման եւ օրակարգը, անցկացման վայրի եւ թուականի վերաբերեալ առաջարկութիւնները, ինչպէս նաեւ որոշած է համաժողովին ընդգրկուելիք թեմատիկ հարցերու վերաբերեալ ստանալ ու ամփոփել հայկական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն լրացուցիչ առաջարկերը, որոնք չեն հնչած առցանց համաժողովներու ժամանակ:

Արձանագրուեցաւ, որ առցանց խորհրդաժողովները ձեւաւորած են ժամանակակից միտումներուն համահունչ օրակարգ, որուն նպատակն է զարգացնել հայկական լրատուամիջոցները եւ ապահովել համագործակցութեան շարունակականութիւնը:

Համակարգող խորհուրդը որոշած է իր յառաջիկայ լիագումար նիստը գումարել մինչեւ տարեվերջ:

 

Նկարը՝ արխիւային: