Ռաֆիք Հարիրիի անուան Պէյրութի Միջազգային օդակայանը այսօր մէկ ժամով պիտի առկախէ իր գործունէութիւնը: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ VDL կայանը:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ այսօր երկրին մէջ տեղի ունեցղ գործադուլերուն նաեւ պիտի մասնակցի օդակայանը, որուն աշխատաւորները եւ Middle East Airlines (MEA) ընկերութեան պաշտօնեաներն ու պատասխանատուները նոյնպէս որոշած են մասնակցիլ այսօրուան գործադուլին, հետեւաբար կը սպասուի, որ այսօր յետմիջօրէի ժամերուն, Պէյրութի միջազգային օդակայանը մէկ ժամով առկախէ իր գործունէութիւնը եւ նախօրօք ճշդուած թռիչքները յետաձգուին այլ ժամերու:
Յիշեցնենք, որ այսօր Լիբանանի մէջ տեղի կ'ունենայ գործադուլ, որ կազմակերպուած է երկրի քաղաքացիական շարժումներու, ինչպէս նաեւ աշխատաւորական սենտիքաներու կողմէ: