Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի եւս մէկ զինծառայող զոհուած է Լիբանանի հետ սահմանին մարտերու ժամանակ, յայտնած է Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի մամուլի ծառայութիւնը։
Ինչպէս նշուած է հաղորդագրութեան մէջ, մահացածը Պաշտպանութեան բանակի 5515-րդ շարժական ստորաբաժանման զինծառայող, 25-ամեայ սերժանթ Էթայ Ազուլայն է։ Անոր մահուան հանգամանքները չեն հաղորդուած։ Եւս երկու զինուոր ծանր վնասուածքներ ստացած են եւ տեղափոխուած են հիւանդանոց։
Ինչպէս գրած է kommersant.ru-ն, անցեալ շաբաթ Իսրայէլն առաջին խոշոր կորուստները կրած է Լիբանանի մէջ «Հըզպալլա»-ի դէմ ցամաքային գործողութեան ժամանակ, որ իսրայէլաեան զինուորականները կ՚իրականացնեն հոկտեմբեր 1-էն։
Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակն աւելի վաղ յայտնած էր, որ ինը զինուոր զոհուած է Լիբանանի հարաւին մէջ մարտերու ժամանակ: Լիբանանեան բանակը նոյնպէս յայտնած է զոհերու մասին: