Լիբանանի մէջ առկայ տնտեսական բազմապիսի խնդիրը սկսած են ստեղծել բաւականին մտահոգիչ իրավիճակները։ Այս ծիրին մէջ օրերս «վտանգուած» սկսած է համարուիլ առաջին անհրաժեշտութեան ու մանաւանդ անպատասպար խաւերուն համար «փրկութեան լաստ» համարուող ալիւրի, հետեւաբար նաեւ հացի ոլորտը։
«Ալիւրի տագնապը պատահականութիւն չէ, յատկապէս, որ մինչեւ այս ողբերգական իրավիճակին հասնիլը, մենք կ'ապրէինք խիստ խնայողականութեամբ», մատնանշած է Լիբանանի Հարաւային շրջանի հացահատիկներու ջրաղացներու ներկայացուցիչ՝ Ալի Ռամմալ:
Աղբիւրը նշած է, թէ Ռամմալ հարց բարձրացուցած է, թէ ինչու այս օրերուն ձերբակալուած է ցորենի ամէնէն մեծ մատակարարող՝ Փօլ Մանսուրը:
«Ամէն ինչ աւելի ու աւելի կը բարդանայ: Այս բոլորը մեզի հասցուց այս վիճակին, հացի փուռերը կը փակուին, պահեստանոցներն ու բաշխման կէտերը լրիւ դատարկ են», ըսած է Ռամմալ, ապա շարունակած,- «Ես անձամբ հարաւի բոլոր շրջաններու պահեստանոցներն ու բաշխման կէտերը պիտի յանձնեմ Տնտեսութեան նախարարութեան, վստահ ըլլալու որ անոնք դատարկ են: Երեքշաբթի օր վիճակը շրջադարձային պիտի ըլլայ, ոչ միայն Հարաւի այլ նաեւ ողջ Լիբանանի պարենային անվտանգութեան համար: Հացը համարեայ անգտանելի է, իսկ ճգնաժամի հեռանկարը անյայտ»:
Ռամմալ յառաջիկայ ժամերը ճակատագրական եւ վտանգաւոր համարած է, որովհետեւ իրենց անդրադարձը պիտի ունենան ազգային անվտանգութեան վրայ, քանի որ մարդիկ «սոված« են, եւ որեւէ մէկը անկարող է այս պատասխանատուութիւնը վերցնելու: