Նախաձեռնութեամբ Լիբանանի աշխատաւորներու համադաշնակցութեան, Լիբանանի աշխատաւորները այսօր գործադուլ մը կը կայացնեն: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ VDL կայանը:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ այսօր առաւօտ կանուխ եւ յատկապէս Պէյրութի Տորա բանուկ շրջանին մէջ նկատելի դարձած է, որ վաճառատուներու մեծ մասը փակ եղած է:
Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ այսօրուան բողոքը ուղղուած է երկրի քաղաքական վերնախաւին եւ բողոքարարները կը պահանջեն արագօրէն նոր կառավարութեան կազմութիւնը յաջողցնել:
Իր կարգին աշխատաւորներու համադաշնակցութեան պատասխանատու Պշարա Ասմար յայտնած է, որ իրենք յարմար նկատած են գործադուլը կայացնել բողոքի ցոյցերէ հեռու, հաշուի առնելով, որ բողոքի որեւէ ձեւի արտայայտութիւն կրնայ վնասներ պատճառել երկրին:
Յիշեցնենք, որ այս բողոքի գործադուլին կը մասնակցին քաղաքացիական հասարակութեան կուսակցութիւններ եւ յատկապէս «Հըզպ Սապհա» կուսակցութիւնը:
Աւելի վաղ «Հըզպ Սապհա»ն իր հետեւորդներէն եւ քաղաքացիներէն պահանջած էր այսօր՝ 4 յունուար 2018-ին մնան իրենց տուները եւ այդպիսով իրենց բողոքի արտայայտութիւնը լսելի դարձնեն, յանուն երկրի տնտեսական ու ընկերային տագնապներէն դուրս բերելուն: